2015-09-09 10:53:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Ընտանիքը – հասարակութիւն''


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 9 սեպտեմբեր 2015-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Շարունակելով Ընտանիքի մասին իր խորհրդածութիւնները Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ.

''Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, այսօր ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնացնեմ Ընտանիքի եւ Քրիստոնեայ հասարակութեան միջեւ կայացած կապի մասին։ Բնական կապ մը որովհետեւ Եկեղեցին հոգեւոր ընտանիք մըն է եւ ընտանիքը փոքրիկ եկեղեցի։

Քրիստոնեայ հասարակութիւնը տունն է որ կը համախմբէ անոնք որ կը հաւատան Յիսուսին որպէս եղբայրութեան աղբիւր բոլոր մարդոց միջեւ։ Եկեղեցին կը քալէ ժողովուրդին հետ, մարդոց ու կիներու պատմութեան մէջ։ Մարդկային խանդաղատանքի պատմութիւնը` այն որ փորագրուած է Աստուծոյ սրտին մէջ ու յաւիտեան է, կը դաստիարակուի ընտանեկան շրջագիծէն ներս, որ է կեանքի եւ հաւատքի վայր։

Աստուծոյ Որդին եւս սորվեցաւ մարդկային վիճակը ապրիլ ընտանիքին մէջ, ուր ծնաւ, սորվեցաւ ու ճանչցաւ աշխարհը, իւրացուց մարդկային իրավիճակը երեսուն տարիներու ընթացքին ապա Նազարէթը թողելով լուծուեցաւ հրապարակային կեանքի ուր իր շուրջ կազմեց հասարակութիւն մը,  ''ժողով մը'', անհատներու համախմբում։

Ընտանիքն ու եկեղեցին երկու վայրեր են ուր կ՛իրականանայ սիրոյ հաղորդութիւնը որ իր ակնաղբիւրը կը գտնէ նոյնինքն Աստուծոյ մէջ։

Աւետարաններուն մէջ Յիսուսի հիմնած հասարակութիւնը հիւրընկալ ընտանիքի ձեւը ունի, Յիսուս չի դադրիր հիւրընկալելէ բոլորը ու բոլորին հետ խօսելէ։ Որպէսզի Յիսուսի հիմնած հասարակութեան իրողութիւնը այսօր եւս կենսունակ դառնայ հարկ է վերակենդանացնել դաշինքը ընդմէջ ընտանիքին եւ քրիստոնեայ հասարակութեան։

Այսօր այս դաշինքը խիստ կարեւոր է ''Գաղափարախօսական, քաղաքական եւ ֆինանսական  իշխանութեան կենդրոններուն'' դէմ մեր յոյսը դնենք սիրոյ եւ աւետարանութեան կենդրոններու վրայ, հարուստ մարդկային ջերմութեամբ, հիմնուած զօրակցութեան եւ բաժնեկցութեան վրայ։ Ասոր համար հարկաւոր է վեհանձն հաւատք մը` վերագտնելու համար իմաստութիւնն ու քաջութիւնը նորոգելու այդ դաշինքը, թէեւ շատ անգամ ընտանիքներ յանդգնութիւն չունին այդ քայլը առնելու որովհետև ընկղմած են առօրեայ մտահոգութիւններուն մէջ եւ կամ իրենք զիրենք անատակ կը զգան այդ դերը ստանձնելու։ Ոչ մէկը արժանի է եւ ոչ մէկը ատակ է։  Առանց Աստուծոյ շնորհքին ոչ մէկ բան կրնանք ընել եւ Տէրը երբ նոր ընտանիքի մը մէջ կը մտնէ  հրաշք կը գործէ, այնպէս ինչպէս ըրաւ Կանայի հարսանիքի ընթացքին։ Բաւ է որ Անոր ձեռքերուն յանձնուինք։ Այս առընչութեամբ քրիստոնեայ հասարակութիւնը եւս կատարելու է իր դերը, դիւրացնելով միջ-անձնական երկխօսութիւնն ու ճանաչողութիւնը եւ փոխադարձ յարգանքը։

Ամէնքս գիտակից ըլլալու ենք որ Քրիստոնէական հաւատքը բաց դաշտի վրայ կ՛իրականանայ, բոլորին հետ բաժնեկցութեան կեանքով, որպէսզի ընտանիքին ու ժողովրդապետութիւնը իրագործեն հասարակաց կեանքին հրաշքը համայն ընկերութեան համար։

Սիրելի ընտանիքներ ու սիրելի ժողովրդապետական հասարակութիւններ թոյլ տանք որ Մարիամ մեզ ներշնչէ` որպէսզի կարող ըլլանք գտնել հրաշքին աղբիւրը''։

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած ուխտաւորները յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղելով հիւանդներուն, երիտասարդներուն եւ նորապսակեալներուն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.